2014-02-18 10:00:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 18 փետրուարի թուիթը` ''Յիսուսէն սորվինք աղօթել եւ մօտիկ ըլլալ կարիքաւորներուն''։


Երեքշաբթի 18 փետրուարի առաւօտեան, թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակած իր թուիթին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ հաւատացեալները Յիսուսէն սորվիլ ինչպէս աղօթել, ներել ու խաղաղութիւն սերմանել։ Սրբազան Հայրը թուիթին մէջ գրեց` ''Յիսուսէն սորվինք ինչպէս աղօթել, ներել, խաղաղութիւն սերմանել եւ մօտիկ ըլլալ կարիքաւորներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.